2014-10-13 12:25:37

Ֆրանչիսկոս Պապի 13 հոկտեմբերի քարոզը` ''Ունենալ բաց սիրտ մը Աստուծոյ շնորհած անակնկալներու դիմաց''։


(Ռ.Վ. 13 հոկտեմբեր 2014) ''Բացուիլ Աստուծոյ անակնկալներուն, եւ չփակուիլ ժամանակի մէջ գործուած նշաններուն առջեւ'' այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի, երկուշաբթի, 13 հոկտեմբերի առաւօտեան, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին կեդրոնական նիւթը։
Մեկնաբանելով օրուայ սուրբ գրային ընթերցումը ուր օրէնսգէտները Յիսուսէն նշաններ կ՝ակնկալեն, Ֆրանչիկսոս Պապը ըսաւ ՝՝Օրէնսգէտները չհասկցան ժամանակի նշանները եւ արտակարգ նշաններ կը խնդրէին որովհետեւ անոնք փակուած էին իրենց համակարգին մէջ եւ օրէնքներու ենթակայ էին։
Անոնք չհասկցան որ Աստուած անակնկալներու Աստուած է եւ միշտ նորութիւններ կը բերէ` աղքատներուն հետ երթալ, հացը կիսել մաքսաւորներուն հետ.... ։ Յիսուս օրէնսգէտներուն նշաններ տալով, ցոյց տուաւ թէ իրենք ուղեւորներ են եւ թէ ճանապարհորդութեան ընթացքին շատ մը անակնկալներու կը հանդիպին – ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը – մատնանշելով թէ կեանքը ուղեւորութիւն մըն է դէպի Յիսուս Քրիստոսի լիութիւնը, Անոր երկրորդ գալստեան առթիւ։
Քարոզին աւարտին Սրբազան Հայրը հրաւէր ուղղեց մտածել` եթէ մենք ալ փակուած ենք մեր իտէալներուն մէջ, կամ բաց կեցուածք մը ունինք Աստուծոյ անակնկալներուն առջեւ։ Եւ եթէ յառաջ կ՝ընթանանք մեր կեանքին մէջ, հաւատալով Յիսուս Քրիստոսին, որ մեռաւ, Յարութիւն առաւ եւ փառաւորելալ կերպով դարձեալ պիտի յայտնուի մեր պատմութեան մէջ։
Հայցենք Տիրոջմէ որպէսզի ունենանք բաց սիրտ մը, որ օրէնքը կը սիրէ որովհետեւ Օրէնքը Աստուծմէ է, ինչպէս նաեւ սիրտ մը որ Աստուծոյ անակնկալները կը սիրէ որոնք իրենց լիութիւնը պիտի գտնեն Յիսուս Քրիստոսի հետ վերջնական հանդիպումով։








All the contents on this site are copyrighted ©.